Western Armenia Forum
Vous souhaitez réagir à ce message ? Créez un compte en quelques clics ou connectez-vous pour continuer.

Western Armenia Forum

Forum de l'Arménie Occidentale
 
AccueilAccueil  RechercherRechercher  Dernières imagesDernières images  S'enregistrerS'enregistrer  ConnexionConnexion  
Le Deal du moment : -47%
SAMSUNG T7 Shield Bleu – SSD Externe 1 To ...
Voir le deal
89.99 €

 

 LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !

Aller en bas 
3 participants
AuteurMessage
Dikranagert




Nombre de messages : 834
Date d'inscription : 06/09/2009

LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitimeJeu 24 Juil - 18:14

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատուարժան Կառավարութեան Ղեկավարներ եւ Պատասխանատուներ,

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն խումբ մը Հայրենասեր եւ նախանցախնդիր Հայեր, որոնք մեծ յոյսեր կապած են ԱՀՎԿ գործունէութեան եւ կը հաւատան անոր իրականցնելիք նպատակը՝ գործադրութեան անցնել Վոդրո Վիլսընի դատական վճիռը որը կը վերադարձնէ բռնագրուած հայկական հողերը իր իսկական տէրերուն:

Ճիշդ է որ ողջ Սուրիոյ բնակչութիւնը եւ ի մասնաւորի Հալէպահայութիւնը որոշ չափով ուրախութեամբ դիմաւորեցին ազատագրումը  ամիսներ է իվեր հակառակորդ ծայրայեղականներու կողմէ գրաւուած հայաբնակ ՔԷՍԱՊԻ շրջանը:
Որոշ չափով կ՛ըսենք, որովհետեւ ան ազատագրուեցաւ ահաւոր վնասներու ենթարկել է վերջ՝ քանդում, հրկիզում՝ Եկեղեցիները, Դպրոցները, Մշակութային կեդրոնները, խանութները եւ բնակեցման վայրերը եւ տուները: Քանդուածը կարելի է վերաշինել, որովհետեւ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է շինարար եւ աշխատասեր, այս ճշմարտութիւնը Սուրիոյ պատմութեան ընթացքին բոլոր եկող եւ իշխող կառավարութիւնները այսպէս արտայայտուած են մեր մասին:

Մենք հարիւր տարիներ է եւ աւելի վստահութիւն ներշնցած ենք իշխանութիւններուն եւ այդ պատճառով միշտ ալ յարգուած եւ պատուուած մնացած ենք անոնց նկատմամբ:
Սակայն մեր ուրախութիւնը եւ անդորրութիւնը խանգարուեցաւ երբ Նոյան Տապան էլէքդրոնային հրապարակումին մէջ կարդացինք՝ ԱՀՎԿ, Ազգային Խորհուրդի նախագահ՝ Արմենակ Աբրահամեանի արտայայտութիւնը ուր կը բացայայտէ թէ՝ «Հայկական լեգեոնի կամավորական 1-ին վաշտը Սիրիական բանակի հետ համատեղ՝ 2014 թ. հունիսի 15-ին, ազատագրեցին Հայկական Քեսապը»:

Այս արտայայտութեան հետեւանքներուն մասին արդեօք մտածած է Պատուարժան նախագահը, թէ ի՞նչպիսի ժխտական անդրադարձ կրնայ ունենալ երկրին մէջ ապրող Հայութեան վրայ: Արդեօ՞ք տեղեակ չէ Սուրիոյ պատմութեան մասին կամ Սուրիոյ մէջ տիրող Իշխանութեան Վարչամեքենայի աշխատելակերպի մասին:
Պահ մը ըսենք որ հայ կռուողներու ներկայութիւնը ճիշդ էր, ապա ուրեմն եթէ Սուրիոյ Պետութիւնը կարիքը զգար կրնար բացայայտել, որովհետեւ Պետութիւնը շատ լաւ գիտէ անոր ժխտական անդրադարձը որ կրնայ ահաւոր վտանքներ ստեղծել եւ բերել Սուրիոյ մէջ բնակող ողջ հայութեան գլխուն: Հակառակորդը կը ճանչնայ հայը, զինք չի հետաքրքրեր դուրսէն է կամ ներսէն: Իրեն համար հստակ է թէ հայութիւնը՝ դէմ է իրեն, որու լոյսին տակ միշտ պիտի մնանք անոնց սպառնալիքներուն տակ, հրթիռներուն եւ հրասանդերուն թիրախ:
Այսօր 21 ամիսներ անցած են Հալէպի քաղաքային կռիւներուն սկսելուն, եւ որովհետեւ զինեալ հայ տղաք հայկական եկեղեցիները դպրոցները եւ կառոյցներուն պաշտպանութեան համար զէնք վերցուցին, ապա անոր արդիւնք՝ տասնեակներով հայեր առեւանգուեցան, երբեմնին ալ գացին անվերադարձ:
Եթէ մենք իբրեւ Սուրիական հայրենիքի բնակիչներ դիրքորոշումներ չունեցանք եւ արդէն ամբաստանուեցանք իբրեւ պետութեան կողքին կանքնողներ եւ մինջեւ հիմա մեծ վնասներու ենթարկուեցանք՝ սկսելով առեւանգումերէն, հասնելով Նոր Գիւղի հայայոծ շրջանին մեծ մասով քանդումէն, որու արդիւնք 6 – 7 հազար հայեր մնացին անպատսպառ, մնացին փողոցները ստիպուած պատսպարուեցան եկեղեցիներու ներքնասրահներուն մէջ: Մէկ բաժինը առաջին շրջանին կրցաւ փախուստ տալ դէպի հայաստան որովհետեւ այդ օրերուն կար օդակայան իսկ մնացեալը  
Այսօր հալէպի մէջ կ՛ապրին 60 հազար հայեր եւ ընդհանուր Սուրիոյ տարածքին 80 հազար հայեր, պահ մը չի մտածեց Յարգելի նախագահը թէ՝ անոնց վիճակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ այսպիսի արտայայտութեան մը հետեւանքով:

Հիմա որ Նախագահը այսպիսի յայտարարութիւն մը տուաւ իբրեւ պատասխանատու, արդէն շատ հստակ է թէ հայութեան վիճակը ինչպիսի հետեւանք պիտի ունենայ:
Իսկ եթէ այդ խօսքերը անհիմն են հարցը շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ որովհետեւ Սուրիական Կառավարութիւնը կասկածանքով պիտի մօտենայ եւ որքան ալ փորձենք արդարացնել մենքզմեզ, ան պիտի հաւատայ ի պաշտոնէ եղած արտայայտութեան մը որը ոչ միան մեր անդորր վիճակը պիտի խանգարէ այլ պիտի երկփեղկումներ ստեղծէ եւ թշնամական կեցուածքներու եւ կասկածանքներու դուռ բանայ ոչ միայն Սուրիոյհայութեան նկատմամբ այլ մինջեւ իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Այսպիսի կեցուածք կը բացատրուի իբրեւ դաւաճանութիւն եւ երկրին անդորրութիւնը խանգարող շարժում:

Յարգելիներ, եթէ մենք համոզուած ԱՀՎԿ, կազմութեամբ Հայ Ազգիս շահերը եւ իրաւունքները վերադարձնելու աշխատանքին լծուած կառավարութիւն է եւ համախմբուած ենք անոր շուրջ, ապա շատ շտապ կերպով կը պահանջենք հստակ լուսաբանութիւններ այս հարցին կապակցաբար, որը կրնայ միայն թշնամանք ստեղծել մեր եւ մեր եղբայրներուն միջեւ, որոնց հետ հարիւրաւոր տարիներ է իվեր նոյն ջուրը, թթուածինը, արեւը եւ հացը կը կիսուինք:

Մենք ԱՀՎԿ նեցուկ կանքնելէն պիտի չի դադրինք, բայց եթէ փաստուի անպատասխանատու եւ անհիմն կերպով եղած արտայայտութիւնները ապա կը պահանջենք անյապաղ հրաժարումը Նախագահին, որովհետեւ այսպիսի կեցուածքներ կ՛օգնեն միայն Հայ Ազգի թշնամիներուն եւ կը քայքայեն Գաղութին անդորրութիւնը:
Նախագահը պէտք շատ լաւ հասկնայ եւ իմանայ թէ մենք չենք քնացած եւ շատ զգուշ եւ աջալուրջ կերպով կը հետեւինք ամէն մէկ պատասխանատուի եւ ի մասնաւորի Նախագահի շարժումներուն: Իր ամէն մէկ քայլափոխեն տեղեակ ենք եւ որոնց հետ կապեր եւ համայնութիւններ ստեղծած է:

Այս Կառավարութիւնը կազմուած է հիմնական մէկ նպատակի համար՝ Հայրենի Հողերուն ազատագրման նպատակով: Ան չէ ստեղծուած անձնական եւ սեփական շահեր հետապնդելու: Այնպէս որ անոնք որոնք կը կարծեն թէ այս կառոյցը իրենց անձնական կեդրոն-վաճառատունն է եւ մէկ հոգի է տէրն ու տիրականը շատ կը սխալին:

Այս Կառավարութիւնը բոլորիս կը պատկանի եւ բոլորս ալ պարտաւոր ենք ենթարկուելու անոր կարգին եւ կանոններուն, իսկ անոնք որ տարբեր ակնկալութիւններ ունին, լաւ կ՛ըլլայ որ վայրկեան մը առաջ ազնուական կերպով հեռանան կարգերէն, այլապէս շատ հեշտ է տարբեր միջոցներով հեռացնելը, ո՞վ որ ըլլայ ենթական:

Մենք անհամբեր պիտի սպասենք մեր նամակին եւ հարցականներուն պատասխանին, որովհետեւ մենք ենք որ պիտի վայելենք դառնութիւնը եւ ահաւոր արդիւնքները: 21 ամիսներ դիմադրեցինք հնարաւոր կերպերով կանքուն մնալ իսկ հիմա երբէք առիթ չենք կրնար տալ որպէսզի քնահաճոյքային եւ անձնական գովաբանութիւններու պատճառով ըլլանք գաւութեան նոխազներ:

Մեզի մեր կրնակէն թող չի դաշունահարեն:

Փառք ու պատիւ բոլոր նուիրական աշխատողներուն որոնք կ՛աշխատին իրագործել Հայութեան Դարաւոր երազանքները:

Կեցցէ ԱՀՎԿ եւ անոր նուիրական Ղեկավարները:

Շնորհակալութեամբ՝

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ

Հալէպ. Յունիս 17. 2014




Dernière édition par Dikranagert le Jeu 24 Juil - 18:23, édité 1 fois
Revenir en haut Aller en bas
Dikranagert




Nombre de messages : 834
Date d'inscription : 06/09/2009

LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: Re: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitimeJeu 24 Juil - 18:15

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋՔ

Շատ ցաւալի է եւ ողբերքական եղած կատակերկութիւնը, որուն ականատես եղանք   հետեւեալ վիտիոերեզը տեսնելով Youtuben:
https://www.youtube.com/watch?v=waiIqAZicpg :
Որը  մօտաւորապէս 40 վայրկեանոց հատուած է 2014 -ի Յունուարին, Փարիզի մեջ  Արեւմտյան Հայաստանի  Ազգային Ժողովի կատարած աշխատանքներուն:

Այսքան ԽԱՅՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ: 25 – 30 հոգի իրենք իրենց լիազորութիւն տալով՝ ողջ Արեւմտահայութեան Ճակատագրին հետ խաղցան ընտրելով ՈՉ ՕՐԻՆԱԿԱՆ կերպով Նախագահ:

Ո՞ւր լսուած է միլիներ հաշուող Արեւմտահայութեան բնակչութեան անունով մի քանի հոգի պետության գլուխ ընտրեն եւ հետո այդ անձը հանդես գա որպես Նախագահ  զանց առնելով օրընականութիւնը՝ որը կը ներկայացնէ Խորհրդարանը:

Ո՞ւր են օրենքներէ հասկցողները, Ի՞նչու ԼՌԱԾ ԵՆ: Արդեօք չկար ժողովին մեջ երկրորդ մէկը ըսեր այս մարդոց՝ բարեկամներ դուք ի՞նչ կ՛ընէք, ժողովուրդի ճակատագրին հետ կը խաղաղք օրէնքի մեծ խախտում գործադրելով: Ի՞նչպէս մարդիկ պիտի վստահին այսպիսի պետութեան գլուխին եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհրդի նախագահի մը, որ նոյնիսկ կարքին Հայերէն խօսիլ իսկ չի գիտեր կամ Վարչապետի մը որ շուարած կեցած է դերասանութիւն կ՛ընէ մարդոց դիմաց փաստելով բոլորին իր խամաճիկ ըլլալը կամ այդ երրորդը որը իբրեւ խորհրդարանի նախագահ կը վարեր ժողովը:

Շատ հստակ էր որ սկիզբէն ծրագրուած եկած էին ի ներկայութեան անձերու որոնք պարզապէս պատկերներ էին միան ԱՅՈ ըսելու, համաձայնութեան ձեռք բարձրաձնելու: Իսկ երբ գտնուեցաւ անձ մը որ բոլորին ուշադրութեան յանձնեց թէ այս որդեգրուած ձեւը եւ կերպը հակաօրինական է, բոլորն ալ որոնք մեղսակից էին ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ առաջ անցան լռեցնելու այդ օրինականութիւն պահանջող ձայնը ըսելով եւ պատրուակելով թէ ժամանակ չկայ կարիքը չկա հարցերը բարդացնելու եւ գործադրեցին իրենց ծրագրած ոճիրը հանդէպ Արեւմտեան Հայասատանի Վտարանդի Կառավարութեան:

Երա՜նի պետության գլուխը  ինքզինքը արժեցներ եւ արդարացներ իր օրինական աշխատանքներով եւ գործերով: Այդ մէկն ալ չտեսանք, մանաւանդ երբ Սփիւռքի Սիրտը համարուող Հաէպ քաղաքը որ անբաժանելի մասնիկն է Սուրիոյ Հանրապետութեան, ենթարկուեցաւ մօտաւոր երկու տարեներ առաջ եւ մինջեւ օրս կը շարունակուի ենթարկուիլ շատ ծանր ահաբեկչական եւ խաբանարարակ մարդասպանական հարուածներու որու մէջ մեծ բաժին ունեցաւ Հայ Գաղութը եւ տուաւ Նահատակներ ունեցաւ վիրաւորներ, տասը հազար հայեր մնացին անտուն առանց բնակարաններու, կորսնցուցին իրենց բնակարանները եւ աշխատատեղիները եւ խանութները մնացին անգործ անապաստան, շատեր մնացին ՀԱՑԻ ԿԱՐՕՏ, ո՞ւր էր Յարգելի պետության գլուխը եւ Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի Նախագահը այս բոլորին մէջ: Չի զիջեցաւ գալ եւ տեսնել իր Կառավարութիւնը և Արեւմտահայությունը ներկայցնող բնակիչներուն, անոնց պէտքերը հոգալու մասին մատծեր: Ո՞ւր էր:
Կը լսէինք գացած է Գամշլի, գացած է Լաթաքիա, երբ տակաւին Քէսապի հարցն իսկ չեր ծագած: Ի՞նչ գործ ունէր այդ շրջանները, որո՞ւ համար գացած էր ի՞նչ ընելու: Անձնական համաձայնութիւններ կնքելո՞ւ, այնպիսի մարդկանց հետ որոնք ժամանակին մեր պապերուն գլուխները ջարդեցին, մորթեցին, կանանց բռնաբարեցին, հղիներուն փորերը պատրեցին գուշակելու համար թէ՝ երեխան տղայ է կամ աղջիկ:
Ի՞նչ իրաւունքով գացած է, ո՞վ լիազորագիր տուած էր իրեն այդպիսի յարաբերութիւններ մշակելու: Ի՞նչու կը կարծէ թէ իր սեփական վաճառատուննէ ԱՀՎԿ-ը:

Եթէ օրենսդրութենէ չի հասկնար թող բարեհաճեր հարցնել մասնագետներուն, հապա արդարադատութեան նախարարը ի՞նչու համար է, միայն դատարաններ կազմակերպելու, ինք պարտաւոր է իր ամէն մէկ քայլի ծրագրումի ժամանակ խորհրդակցէր իր Վարչական կազմի հետ: Իսկ վերջին շրջանին ամէն շաբաթ իր ներկայութիւնը ցոյց կուտար Լաթաքիոյ եւ Քէսապի բնակչութեան մեծ խոստումներ տալով բոլորին: Նորէն նոյն հակաօրինական կեցուածքի մէջ էր: Արդեօ՞ք Կառավարութիւնը տեղեակ էր իր շրջապտոյտներ էն, որոշումներ առնուած էր եւ լիազորութիւն ստանալով կ՛երթար, կ՛այցելեր եւ հսկայական գումարներու խոստումներ կուտար այդ մարդոց որոնք շատ ծանր հարուածներ ստացած էին:

Ի՞նչու համար այս բոլոր թատերգութիւնները, արդեօք կը կարծէ թէ մենք քնացա՞ծ ենք, լուր չունինք թէ ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ մեր շրջապատին մէջ: Ո՞վ իրեն շնորհած է լիազօրութիւն, որպէսզի երթայ եւ  վարագոյրներուն ետեւէն հանդիպումներ կազմակերպէ եւ համաձայնութիւններ եւ դաշինքներ կնքէ: Ի՞նչ իրաւունքով Սուրիահայութեան ճակատագրին հետ եկաւ եւ խաղցաւ որուն արգասիքը եղաւ Նոր Գիւղի հայհոծ շրջանին աղետալի ռմբակոծումները, խլելով զոհեր եւ անպատսպար ձգելով երեք հազարէն աւելի հայորդիներ, որոնք մնացին անտուն անապաստան:

Ո՞ւր էր ինքը, Ի՞նչու չներկայացաւ Պետական պատկան մարմիններուն եւ այդ բոլորէն առաջ պէտք էր իբրեւ Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի Նախագահ Ներկայանար Սուրիական Հանրապետութեան Նախագահին ծանօթացնելով ԱՀՎԿ-ը եւ անոր նպատակները, զորակցութիւն յայտնելով Սուրիական Կառավարութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով հնարաւոր սահմաններուն մէջ ձեռք երկարելու Իշխանութեան:
Բայց ինք՝ Յարգելի Պետութեան Գլուխը  փոխանակ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը ընելու եւ առիթը ի նպաստ Վտարանդի կառավարութեան համար օգտագործելու ի գին իր ներկայացուցած ժողովուրդին, գացած է եւ մշակած յարաբերութիւններ հակառակորդներուն հետ:
Սուրիոյ Հայ բնակչութիւնը որը 2000 տարիներէ աւելի կեանք ունի այստեղ՝ Սուրիոյ մէջ, քու անխոհեմ եւ անպատասխանատու կեցուածքով եւ շարժումներով եւ արտայայտութիւններով՝ շատ սուղ վճառեց՝ Յարգելի Պետութեան Գլուխ կամ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի  Նախագահ:

Քու ամէն մէկ քայլափոխդ, լուսարցակի տակ էր Սուրիոյ մէջ եթէ քեզ տեղեակ չեն պահած քու «խելացի» խորհրդականներդ, անշուշտ եթէ ունիս, ապա տեղեկացիր:

Այնպէս որ Մենք հսկայ եւ մեծ թիւ ներկայացնող ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ՝ քեզ կ՛ամբաստանենք իբրեւ՝ դաւադիր ոճրագործ հանդէպ Արեւմտահայութեան, որովհետեւ քու խակ եւ անտեղեակ ըլլալդ օրէնքներու, կարգ ու կանոնի մասին, ինքնագլուխ աշխատանքով եւ սեփական խանութդ կարծելով, դուն պատճառ դարձար հարիւրաւոր նահատակներու, եւ հազարաւոր մարդոց անպատսապառ մնալուն, իրենց տուները քանդումին, ըլլան անոնք Հալէպի մէջ կամ Քէսապ, եւ նկատի առնելով՝  Վերոյիշեալ ներկայացուած շատ ամփոփ կերպով ձեր անօրէն գործելակերպին եւ վերաբերումներուն հանդէպ Սուրիահայութեան, եւ նկատի ունենալով, սանձարձակ եւ ինքնագլուխ գործընթացքները,  եւ կատարուած օրէնքներու խախատումները եւ անոնց հետեւանքներուն պատճառաւ, որոնք շատ ծանր եւ ողբերգական անդրադարձ ունեցան Սուրիահայ Գաղութին վրայ:

Մեր վերջին հարցականը՝ դուն ո՜վ՝ Յարգելի Պետութեան Գլուխը, ի՞նչու դուն քեզ կ՛ուզես ներկայացնել ՄԻՍՏԻԿ կերպով բոլորին՝ սկսելով Կառավարութեան անդամներուն եւ հասարակութեան, ի՞նչ է վախ ունիս եւ չես բացայայտեր քու իսկական անունդ բոլորին, արդեօք այդ մէկն ալ ուրիշ փաստ մըն է որ ունիս «ՓԱՌԱՒՈՐ» անցեալ որը կը փափաքիս մնայ ծածուկ եւ անյայտ բոլորէն՝ Յարգելի Տիար ԹԻԱՐԻ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, որը քու անունդ է անձագրիդ մէջ: Մի ձգեր որ մնացեալ թուղթերդ բացայայտենք եւ մերկացնենք քեզի ողջ հայութեան եւ բոլոր քեզ հետ կապ ունեցող մարդոց դիմաց: Այդ ժամանակ «Հիսդիրիք» վիճակիդ բուժում չենք կրնար գտնել:  
Ահա փաստ մը եւս քու զանազան տեսակի դիմակներով օժտուած ըլլալու իրականութիւնը, որոնք կ՛օգտագործես ըստ կնքելիք պայմանագիրներուդ: Եթէ այսքան ժամանակէ իվեր քու հիմնական գործակիցներէդ եւ ընդհանուրէն գաղտնի պահած ես, լաւ իմացիր որ մենք քու բոլոր նիստ ու կացդ, գնալ գալդ, շարժումներդ եւ յարաբերութիւններդ տեղեակ ենք: Մենք աշխարհի չորս կողմերը ունինք աչքեր եւ հարազատ Հայեր որոնք կարողութիւնը ունին ամէնա աննշան լուրերն իսկ կրնան իմանալ եւ ներկայացնել Մեզի:
Զգուշ մնայ, այլեւս քու ժամկետդ վերջացաւ:

Խորհուրդ կուտանք որ դուն, քու «Երեսիդ ջուրով» հրաժարականդ ներկայացնես ԱՀՎԿ-Եան եւ հեռանաս մեր Մե՜ծ Ընտանիքէն որը կը կոչուի Արեւմտեան Հայաստանի Ընտանիք, որովհետե այս վայրկեանէն սկսեալ քու անունդ՝ ԹԻԱՐԻ - ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ջնջուած է մեր տոմարներէն, այսինքն՝ ՎՏԱՐՈՒԱԾ կը նկատուիս Արեւմտեան Հայաստանի Հայութեան Պատկանելիութենէդ: Մենք դաւաճաններու կեդրոն եւ ապաստան չենք՝ այլ Հայրենասէր հայորդիներու հսկայ կառոյց մըն ենք ապա ներկայութիւնդ յետայսու, շատ ՏՀԱՃ է մեզի համար:

Արդ, Յարգելի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ, ԱՀ  Պետության Գլուխ   Տիար՝ ԹԻԱՐԻ Արմենակ Աբրահամեան, Ձեզմէ կը պահանջենք ամիջապէս եւ անհապաղ կերպով հրաժարական ներկայացնել, ինչպէս նաեւ Ձեզի մեղսակից պատասխանատուները, որոնք նոյնպէս կ՛ամբաստանուին մեր կողմէ դաւադրութիւններ կազմակերպելու եւ հակա օրենսդրական քայլեր առնելու դաւաճանութեամբ՝ Տիար Տիգրան Փաշաբեզեան եւ Տիար՝ Արմէն Տէր Սարգսեան:

Մենք ենք Տէրն ու Տիրականը ԱՀՎԿ – Եան, եւ կը պահանջենք Կառավարութենէն եւ յատկապես Արդարադատութեան Նախարար Տիար Ս. Հրայր Ղազարյանից հասարակական դատական ատեան կազմել՝ դատելու համար այս վերոյիշեալ անձերուն, հայ հասարակութիւնը մոլորեցնելու եւ անորոշութեան մէջ  ձգելու ամբաստանութեամբ  , որոնք իրենց պաշտոնները օգտագործելով հակա հայկական հակապետական քայլեր, շարժումներ, անպատասխանատու կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ ունեցան կասկած արթնցնելով Արեւմտահայութեան եւ ողջ Հայութեան մտքին մէջ հանդէպ ԱՀՎԿ նպատակին եւ գործունէութեան նկատմամբ, որպէսզի նորածին այս Կառավարութիւնը որ լոյս աշխարհ եկաւ՝ ամէնա առաջ գործադրելու Ուլսինեան դատավճիռը վերադարձնելու համար Հայկական բռնագրուած հողերը իրենց իսկական տէրերուն:

Մենք առիթ պիտի չտանք ոչ մէկուն որպէսզի խանգարէ մեր գնացքը եւ պիտի դատուին եւ պատճուին բոլոր անոնք որոնք այս սլացքին՝ Ուլսինեան դատավճիռը խանգարումին եւ Կառավարութեան տապալումին պատճառ պիտի փորձեն ըլլալ:

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ

Հալէպ. Յուլիս 19. 2014



Dernière édition par Dikranagert le Jeu 24 Juil - 18:23, édité 1 fois
Revenir en haut Aller en bas
Dikranagert




Nombre de messages : 834
Date d'inscription : 06/09/2009

LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: Re: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitimeJeu 24 Juil - 18:24

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

Ուղղուած՝
ԱՀՎԿ – ԵԱՆ Նախագահին՝ Արմենակ (ԹԻԱՐԻ) Աբրահամեանին,

Վերջերս մամուլի մէջ կարդացինք Յուլիս 3. 2014 թուկիր Նախագահական Հրամանագիր մը, որը աշխատանքէ կը դադրեցնէ ԱՀՎԿ – Եան Արտաքին Գործերու Նախարար՝ ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆ-ը, զանազան անհիմն եւ անվաւերական պատճառներով: Այսինքն զրպարտաբար, պարզապես հեռու պահելու` այն անձը որ հիմնադիր եւ ծրագրողը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան:

Մենք՝  ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ, ամէն կերպով անհիմն կը նկատենք Յարգելի Նախագահ՝ Ձեր ուղղած բոլոր  ամբաստանութիւնները, որոնք կրնան ծառայել միայն թշնամիին եւ ջեղեալ կը նկատենք այս հրամանգիրը եւ կ՛ուզենք արձանագրել  մեր դիտողութիւնը եւ քննադատական կեցուածքը բացատրելով ամէն մէկ կետը առանձին կերպով եւ  որպէսզի հստակ ըլլայ բոլորին այս զեղծարարութիւնը: Կը սկսինք.
• Հայութիւնը ունի նորաստեղծ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն, որը մինջեւ օրս կը մնայ այդ անուանումին մէջ, անհասկնալի է թէ ե՞րբ այս Կառավարութիւնը եւ ի՞նչ հիմքի վրայ հռչակուեցաւ Հանրապետութիւն եւ ո՞ր տարածքի վրայ, արդեօք սկսած էք անհանգստանալ Ուիլսինեան դատավճիռի իրագործումէ՞ն: Ի՞նչու Կառավարութիւն մը Հանրապետութեան կ՛ենթարկուի ըստ մարդոց  քմահաճոյքի՞ն թէ՝ ըստ Միջազգային օրէնքներու հիման վրայ: Մինջեւ ե՞րբ Յարգելի Նախագահ պիտի մնաք հակաօրինական կեցուածքներու մէջ եւ պիտի շարունակէք խախատումներ արձանագրել Ձեր աշխատանքային գործելակերպին մէջ: Աշխարհի օրէնքներուն մէջ չկայ Նախագահական արտայայտութեան բանձեւ մը կամ «Բրոթոքոլային» ոճ մը , որ կ՛ըսէ՝ Ես, որպէս նախագահ կը որոշեմ: Մենք ո՞ւր կ՛ապրինք, որմէկ դարը, դուն քեզ Հոլաքոն կը կարծես թէ Ստալինը, դուն քեզի բռնատերի հանգմանք տալով միայն կը ստորնանաս եւ կը վերածուիս մեծ ոչինչի մը եւ բախտաւոր պարագային կը տեղադրուիս թիապարտներու ԹԻԱՐԱՆԸ: ԱՀՎԿ-ը հիմնուած է աշխարհի կողմէ վաւերացուած եւ ճանցուած օրէնքներու վրայ:    
• Գրուած է՝ քննադատական եւ վիրաւորական նամակներու մասին, որոնք իբրեւթէ Արտաքին Գործերու Նախարարը մամուլով եւ համացանցի կապերու միջոցաւ, ուղած է ԱՀՎԿ եւ ԱԽ անդամներուն: Լաւ կ՛ըլլար որ մի քանի հատ փաստացի նամակներ ներկայացնէիք ամբաստանելու համար ԱԳՆախարարին, ըլլան անոնք պաշտոնական նամակներ կամ ելեկդրոնային համացանցերուն մէջ տեղադրուած նամակներ կամ արտայայտութիւններ ինչպէս որ դուք կ՛ըսէք: Լաւ գիտենք՝ Մենք, Դուք եւ բոլոր անոնք որոնք կը ճանչնան եւ մօտէն կամ հեռուէն յարաբերութիւն ունեցած եւ աշխատակցած են Յարգելի  Նախարարին հետ, շատ լաւ գիտեն թէ Ան ի՞նչպիսին է եւ շատ հեռու է այդպիսի արտայայտութիւններ է: Այդպիսի սեւ գործեր  պատշաճ են մանկլաւիքներու եւ պնակալեզներու, տկար եւ թոյլ մարդոց, որոնք անզօր են հասնելու իրենց նպատակներուն ապա կը դիմեն անհիմն եւ զեղծարար միջոցներու իրականացնելու համար իրենց վարդագոյն երազները եւ որպէսզի հասնին իրենց նպատակներուն:
• Այո, ճիշդ է որ՝ Արեւմտահայութեան հիմնական մէկ մասնիկը եւ գաղութը՝ Սուրիոյ մէջ, կ՛ապրի ճքնաժամային եւ տագնապալի օրեր երկար ամիսներ է իվեր, բայց այդ հարցը կը կարծենք թէ Յարգելի Նախարարը չէ որ առաջին կայծը տուած է որպէսզի պատերազմական կրակը սկսի տարածուիլ Սուրիոյ եւ անոր հիմնական քաղաքներուն, շրջաններուն ապա բնակիչներուն վրայ որու հիմնական մէկ մասնիկն է Հայութիւնը, որ ունի հազարամիա կեանք Երկրին մէջ: Արտաքին Նախարարը չէ, որ կայծը տուած է եւ հրահրած այս կռիւներու ծայր տալը: Ճիշդէ որ Միջին Արեւելքի շրջանը պատերազմական վիճակի մէջ է բայց հիմնական վնասները որոնք ստացաւ ՍուրիաՀայ գաղութը եւ  անոր հիմնական դրդապատճառը նոյն ինքն Դուք էիք Յարգելի Նախագահ, որովհետեւ Ձեր բեմ եկած անհիմն եւ մոլորեցնող արտայայտութիւններով,  եւ ունեցած  գաղտագողի շփումներով եւ ստեղծած յարաբերութիւններով անբաղձալի խմբակներու եւ մարդկանց հետ պատճառ դարձաք որ Պետութիւնը կեցուածք ունենայ, որովհետեւ Ձեր անհիմն արտայայտութիւններով կասկած արթնցուցիք Իշխանութեան քով: Ապա դուք էք որ պէտք է ամբաստանուիք եւ սառոյցի մէջ զետեղուելով ազատ արցակուիք Ձեր պաշտոնէն:
• Յետոյ այս ի՞նչ խայտարակութիւն է, չկայ Ազգային Խորհուրդ  մը որ կլկլակի ջուրին նման ամէն օր իր Մայրաքաղաքը կը փոխ է՝ օր մը Շուշի, ուրիշ օր մը Փարիզ, Գամշլի կամ Կարին: Այլեւս այնքան ծիծաղելի կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ կ՛ունենաք եւ հրամանագիրներ կը հրապարակէք որ իսկական խայտարակ վիճակ կը ստեղծէք: Այն տպաւորութիւն ձգելով թէ ԱՀՎԿ-Եան Ազգային Խորհուրդը կ՛ապրի անտառին մէջ եւ Քաղաքակիրթ երկիրներու նման գաղափար չունի օրէնքներ է եւ պաշտօնական դիւնագիտական կարգուձեւերէ կամ «Բրոթոքոլներէ» որը իբրեւ մեծ ամօթ կրնայ արձանագրուիլ հայութեան ճակատին վրայ եւ ԱՀՎԿ հասցէին մէջ: Մայրաքաղաքները կը մնան անփոփոխ Յարգելի նախագահ:

Վերոյիշեալ բաժիններով հստակացուցինք թէ անօրինականութիւնը կը հոսի Ձեր հրամագրի առաջին տողերէն եւ բոլոր Ձեր յիշած ամբաստանութիւնները անհիմն են եւ փաստ չունին, որոնք կը ձգտին միայն  մրոտելու ԱՀՎԿ-Եան, ԱԳՆ՝ Յարգելի ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻՆ, բա՛ց լաւ իմացէք որ ձեր բոլոր աշխատանքները ի Զուր են, որովհետեւ այդ Մարդը  կանքուն է եւ կը մնայ իր սկզբունքներուն վրայ եւ բոլորը շատ լաւ գիտեն թէ ո՞վ է Արամ Մկրտչեանը:

Արդ, անվարան կերպով կը պահանջէք ընդհանուրին դիմաց, ինչպէս որ զրպարտեցիք անմեղ նախարարը, նոյն ձեւով ալ հրապարակէք Ձեր սխալած ըլլալը եւ ներողութիւն խնդրէք՝ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի կառավարութեան, Արտաքին Գործերու նախարար՝ ԱՐԱՄ ՄԿՐՏՉԵԱՆԷՆ, միաժամանակ ներկայացնէք Ձեր հրաժարականը եւ հեռանաք Արեւմտահայութեան Մեծ Ընտանիքէն որպէս պետութեան գլուխ, որովհետեւ Դուք այլեւս փաստօրէն Մեզի չէք պատկանիր:

Յարգելի ԱՐՄԵՆԱԿ (ԹԻԱՐԻ) ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Դուք Արեւմտեան Հայաստանի Ժողովուրդին կողմէ Ազատ Կ՛արձակուիք եւ հետ այսու ոչ մէկ կապ ունիք Կառավարութեան եւ Մեզի հետ: Մենք Արեւմտահայերս Դաւադիրներու եւ Դաւաճաններու կարիքը չունինք, Մենք Մեր իրաւունքները պաշտպանող գիտակից մարդոց կարիքը ունինք, որոնք մեզի հետ ձեռք ձեռքի տալով պիտի իրագործեն՝ Ուլսինեան դատավճիռը:

Վերջին անգամ ըլլալով ամէնա ազնուութեամբ կը պահանջենք Ձեր հրաժարականը, քանի տակաւին ուշ չէ, ժամանակը ի նպաստ Ձեզի չէ, այլապէս տարբեր կերպով կրնանք վարուիլ Ձեզի հետ այդ  ժամանակ, եւ  վստահ եղէք թէ բոլոր անոնք որոնք կը թմբկահարէին Ձեզի բեմին վրայ պիտի չի տեսնէք անոնցմէ ոեւէ մէկը, հարուածները դուք պիտի ստանաք Ձեր գլխուն:

Կեցցէ՝ Պահանջատեր Հայ Ազգը, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը:

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ

Հալէպ. Յուլիս 21. 2014
Revenir en haut Aller en bas
Dikranagert




Nombre de messages : 834
Date d'inscription : 06/09/2009

LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: Re: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitimeJeu 24 Juil - 18:24

Վերջին անգամ ըլլալով ամէնա ազնուութեամբ կը պահանջենք Ձեր հրաժարականը, քանի տակաւին ուշ չէ, ժամանակը ի նպաստ Ձեզի չէ, այլապէս տարբեր կերպով կրնանք վարուիլ Ձեզի հետ այդ ժամանակ, եւ վստահ եղէք թէ բոլոր անոնք որոնք կը թմբկահարէին Ձեզի բեմին վրայ պիտի չի տեսնէք անոնցմէ ոեւէ մէկը, հարուածները դուք պիտի ստանաք Ձեր գլխուն:

Le Président directement menacé par les "combattants de la brigade alépine de facebook", le pire dans cette affaire est, qu'ils ont besoin de s'appuyer sur les Arméniens qui souffrent à Alep, c'est carrément dégueulasse ! Quelle pourriture !

Le groupe de combattants est monocellulaire c'est à dire un certain

ԱԲԻԿ ՂԱՆՏԻԼՅԱՆ : APIG GHANDILYAN de Erevan sous le pseudo Aristo Labder

Bon disons qu'il veut la peau du Président, mais ce n'est pas facebook le plus court chemin, à mon avis !
Revenir en haut Aller en bas
viola

viola


Nombre de messages : 502
Date d'inscription : 24/05/2007

LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: Re: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitimeVen 25 Juil - 16:05

Le clan de LUYSWORLD est la !!!! Restez dans votre LOUYSASHKHARHI DARE ASHKHARHUM !!!!!
Menq dzez pan chesinq inch iravuqnoqv duq aysbisi anshnorhq banerov kzbaghveq! Restez CHEZ VOUS!!!
Apig Aristo Ghandilian
Aram Mkrtchyan ......


PS բոլորը հիշում են Արևմտյան Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արամ Մկրտչյանի ֆեյսբույքային և սկայպային այցերը Սիրիա, ինչ հզոր օգնություններ ցուցաբերեց Գերմանիայից իր էկրանի առջև նստած, ինչ էր արեց ինչ մեծ աշխատանքներ, որպեսզի քանդուքարափ անի տարիների աշխատանքները: Բայց չհասկացավ մի բան, որ գողի ու անբարոյական մարդու օրերը հաշված են դա 40 օր է:
իսկ հաղթանակը կամա թե ակամա Արևմտյան Հայաստանի հայերինն է լինելու, գնացինք առաջ, բարի լույսեր
Revenir en haut Aller en bas
viola

viola


Nombre de messages : 502
Date d'inscription : 24/05/2007

LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: Re: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitimeVen 25 Juil - 16:27

Վերջին անգամ ըլլալով ամէնա ազնուութեամբ կը պահանջենք Ձեր հրաժարականը, քանի տակաւին ուշ չէ, ժամանակը ի նպաստ Ձեզի չէ, այլապէս տարբեր կերպով կրնանք վարուիլ Ձեզի հետ այդ ժամանակ, եւ վստահ եղէք թէ բոլոր անոնք որոնք կը թմբկահարէին Ձեզի բեմին վրայ պիտի չի տեսնէք անոնցմէ ոեւէ մէկը, հարուածները դուք պիտի ստանաք Ձեր գլխուն:


եվ ինչու մենք մեր կողքին այլևս չունենք Անդրանիկ զորավար, չունենք Մոնթե չունենք Մեր իսկական զինվորներ...բոլորին պարզ է երևի, քանի որ ունեցել ենք բազմաթիվ " յան" վերջավորությամբ վախկոտ դավաճաններ!!!!
Պարոն Ղանտիլեան փոս երբ կփորեք մտատծեք, որ առաջինը դուք եք հոն հայտնվելու:
Revenir en haut Aller en bas
Karin

Karin


Nombre de messages : 2663
Date d'inscription : 03/04/2007

LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: Re: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitimeVen 1 Aoû - 11:53

Les menaces de mort en direction d'Arménag continuent sur le site des chouns

http://www.louysworld.com/archives/26931

ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Tuesday, July 29, 2014 0:07 - չքննարկված

Եթէ պայմանները ներէին զինք(Արմենակ Աբրահամյան) ողջ չէինք ձգեր որ դուրս գայ Սուրիական հողերէն Բայց շնորհիւ մեր աշխատանքներուն ան վտարման ենթարկուեցաւ
Խորքին մէջ Սուրիահայութիւնը ոչ մէկ տեղեկութիւններ ուներ ԱՀՎԿ մասին որովհետեւ երբէք տեղեկացուած չէ, ապա Շնորհիւ Կանթեղ Հայկականի աշխատանկներուն բոլորս իմացանք եւ որոշ գաղափար կազմեցինք որովհետեւ գողածերծուած կերպով աշխատանք կը տաներ յատկապես Աբրհամեանը որպէսզի գաղութը հեռու մնայ հիմնական տեղեկութիւններ է որպէսզի իր ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ աշխատանքները գաղտնի պահ է նոյնիսկ իր ժողովական ընկերներ էն: Կասկածները արթնցան երբ սկսաւ այս մարդը երթալ շրջաններ ուր կարիքը չկար երթալու անտեսելով հիմնականին մէջ հարցին կեդրոնը՝ Հալէպի գաղութը: Իսկ Քէսապի հարցերուն արդէն սկսաւ իր «Աստղը» փայլիլ եւ մենք մեր միջոցներով հետապնդելով զինք ի յայտ բերինք ամէն ինչ եւ հեռաւոր ափերէն տեղեկութիւններ իմացանք իրեն մասին: Այնպէս որ այն վայրկեանէն երբ ԱՀՎԿ մասին իմացանք եւ մեր հետապնդումները կատարեցինք ամէն ինչ բացայայտնեցինք: Այս բոլորը իրագործուեցան 34 ամիսներու ընթացքին որը կը կարծենք թէ ուշացում չի համարուիր: Տարիներով իրեն հետ աշխատող գործակիցները մեր իմացածը չէին լսած այսքան կարճ միջոցի մէջ: Եթէ պայմանները ներէին լաւ իմացիր որ զինք ողջ չէինք ձգեր որ դուրս գայ Սուրիական հողերէն: Բայց շնորհիւ մեր աշխատանքներուն ան վտարման ենթարկուեցաւ ներկայիս իսկ ապագային կրնայ շատ մը տարբեր արարքներու ենթարկուի Թիարի Իսրայելեանը: Հասկցողին հազար բարեւ
Revenir en haut Aller en bas
Contenu sponsorisé





LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Empty
MessageSujet: Re: LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !   LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ ! Icon_minitime

Revenir en haut Aller en bas
 
LE PRÉSIDENT DIRECTEMENT MENACÉ !
Revenir en haut 
Page 1 sur 1
 Sujets similaires
-
» LE PRÉSIDENT HOLLANDE S'ALIGNE SUR LE PRÉSIDENT APRAHAMIAN
» LIMOGEAGE DE M. ARAM MKRTCHYAN PAR LE PRESIDENT
» La menace turque contre les Arméniens en Turquie
» Raffi président
» LTP = SS declaration sur la turqs de president SS

Permission de ce forum:Vous ne pouvez pas répondre aux sujets dans ce forum
Western Armenia Forum :: ACTUALITES :: Arménie Occidentale-
Sauter vers: